Jump to content

Քասոս

Կղզի
Քասոս
Κάσος
Քասոս կղզի
Երկիր Յունաստան, էգէական ծով
Շրջան Տոտեքանիսա
Տարածութիւն 66,419 քմ²
ԲԾՄ 601 մ
Բնակչութիւն 1224 մարդ (2022)
Կը գտնուի ափին Էգէական Ծով
Ժամային գօտի UTC+2 եւ UTC+3։00
Փոստային ցուցանիշ 85800
Պաշտօնական կայքէջ kasos.gr

Քասոս (յուն․՝ Κάσος), հարաւային Էգէականի կղզի, հարաւային Տոտեքանիսա, Յունաստան։ Կը գտնուի Կրետէին եւ Քարփաթոսին միջեւ։

Հակիրճ տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լեռնային կղզի է։ Բարձրագոյն կէտերն են՝ Փրիոնոս (601մ․), Փորիոլաս (504մ․), Քորաքաս (494մ․), Սիսֆի, Թրուլես, Տոմաթա, Այ Եորղիս եւ Միրթօ։

Քասոսին մայրաքաղաքն է Ֆրի։ ՄՆացեալ բնակավայրերն են՝ Այիա Մարինա, Արվանիթոհորի, Էմպորիոս, Փանայիա եւ Փոլի։

Ֆրի, Քասոս

Քասոս, դիրքը

Բնակչութեան թիւը տարիներուն ընթացքին նուազած է․ ԺԹ․ դարասկիզբին թիւը 12 000 եղած է, 1911-ին, իտալացիներուն վայրագութիւններէն ետք թիւը հասած է 1 855 հոգիի, իսկ 2001-ին 990 բնակիչ ունեցած է։ Սակայն վերջին տասնամեակին թեթեւ աճ մը արձանագրած է եւ 2011-ի եւ 2022-ի մարդահամարները արձանագրած են յաջորդաբար 1 200 հոգի եւ 1224 հոգի։

Քասոս․ անասնապահութիւնը եկամուտի գլխաւոր աղբիւրներէն

Կղզիին բնակիչներուն գլխաւոր զբաղումը նաւագնացութիւնն է, մասնաւորաբար առեւտուրի բաժինը։ Սակայն տնտեսութիւնը յենուած է նաեւ անասնապահութեան, զբօսաշրջիկութեան,ձկնորսութեան, մեղրաբուծութեան եւ հողագործութեան վրայ։

Անասնապահութիւնը միշտ եղած է բնակիչներուն գլխաւոր զբաղումներէն, այդ պատճառով ալ օսմանցիներու գերիշխանութեան ընթացքին թուրքերը կղզին անուանած են Çoban Adası = հովիւներուն կղզին։ Մինչեւ մեր օրերուն կղզին կ՛արտադրէ ոչխարի եւ այծի միս, ինչպէս նաեւ կաթնեղէնի տեսակներ։Զբօսաշրջիկութիւնը տարիէ տարի կը զարգանայ եւ բնակիչներուն գլխաւոր եկամուտի աղբիւր դարձած է։ Նոյնպէս ձկնորսութիւնը, ձէթի եւ մեղրի արտադրութիւնը։

Ֆրի, Քասոս․ դիմացը՝ Արմաթիա կղզին

Քասոս Եւրոպական Կենսադրութեան ՆԱԹՈՒՐԱ 2000 (NATURA 2000) կողմէն յայտարարուած է Յատուկ Պահպանման Գօտի Էլէոնորա Բազէին Falco eleonorae եւ Օտուինի ճային Larus audouinii համար։

[1] [2] [3] [4] [5] [6]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]