Քարիւղ
Քարիւղը յառաջացած է ծովերուն խորերը ապրող կենդանի էակներու տարբաղադրումէն:
Աշխարհի վրայ սպառող ուժանիւթի մեծ մասը կը ստացուի քարիւղէն։ Դարերու ընթացքին այս մարմիններու մնացորդները կը կուտակուին եւ կը խառնուին ջուրի յատակի խաւերու աւազներուն, հողերուն եւ նոյնիսկ ժայռերու փոշիներուն հետ, որոնք հոն կը փոխադրուին գետերուն եւ հոսանքներուն միջոցով: Այս մնացորդները որքան աւելի աւազով եւ հողով կը ծածկուին, այնքան կը մխրճուին գետնին խորքը եւ կը կարծրանայ` կազմելով «մայր ժայռ»ի խաւ մը: Եւ որքան այս «ժայռը» կը մխրճուի գետինին մէջ, այնքան աւելի բարձր ջերմաստիճանի եւ ճնշումի կ'ենթարկուի: Ընդհանրապէս – 2500-էն – 5000 մեթր խորութեան է, որ այս «ժայռը» տաքութեան եւ ճնշումի ազդեցութեան տակ կը վերածուի քարիւղի եւ կազի: Այս հոլովոյթը կը տեւէ բազմաթիւ տասնեակ միլիոն տարիներ: Այս պատճառով է, որ քարիւղը, կազը եւ ածուխը կը կոչուին չնորոգուող ուժանիւթեր: Անոնց պահեստը սահմանափակուած է[1]:
Քարիւղը եւ կազը իրենց կազմաւորման վայրէն դէպի մակերես բարձրացած են: Անոնցմէ մաս մը հասած է մակերես եւ շոգիացած է: Իսկ միւս մասը բանտարկուած մնացած է ժայռերու կոյտերու մէջ, եւ հոն կուտակուած է. հետեւաբար քարիւղ ստանալու համար պէտք է գտնել հանքային խաւերուն վայրը, փորել գետինը, հորեր շինել, եւ ապա հեղուկը վեր քաշել: Այս գործողութիւնը դիւրին չէ, սուղ կ'արժէ, եւ յատկապէս կ'ապականէ շրջապատը: Ջերմութեան ձեւի տակ արտադրուած ուժանիւթը կ'օգտագործուի շարժանիւներ դարձնելու համար։ Քարիւղը կը դասուի բրածոյ վառելանիւթերու կարգին, որովհետեւ կազմուած է միլիոնաւոր տարիներու ընթացքին փտած բոյսերու եւ փոքրիկ անասուններու մասսաներէն։
Քարիւղին օգտագործումները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անզուտ քարիւղը օգտագործելի չէ։ Պէտք է զայն զտել զտարանի մը մէջ։ Առաջին հանգրուանը կը կայանայ զայն մինչեւ 385 °C տաքցնելու մէջ, որպէսզի իր պարունակած կազերը արձակուին։ Այս կազերը կ'անցնին թորումի աշտարակաձեւ սարքերու մէջէն։ Ամենաթեթեւ արտադրանքները, պիւթան եւ բրոբան, կը գտնուին աշտարակին վերի մասին մէջ։ Ամենածանրերը, իւղ եւ կուպր, յատակէն կը հանուին։ 1950 թուականներէն ի վեր քարիւղը դարձած է աշխարհի մէջ ուժանիւթի առաջին աղբիւրը: Սակայն անոր յառաջացուցած ամէնէն մեծ հարցը կը մնայ վառելու ընթացքին անոր յառաջացուցած բնածխական կազը (CO2): Այս կազն է գլխաւոր պատճառը երկրագունդի կլիմային ջերմացման: Անզուտ քարիւղէն զտարանները կը ստանան շուրջ 550 տիպի արտադրանք՝ պիւթան եւ բրոբան կազերը, պենզին, կազոլ, մազութ, քերոսէն վառելանիւթեր, իւղեր, կուպր, արուեստական բնաթելեր, արուեստական ձգախէժ, ռետին, կպչուն նիւթ, կերպընկալ նիւթեր, պարարտացուցիչ, ներկեր, ջնարակ, լուացքադեղ, շրթունքի ներկ, կարգ մը բժշկական դեղեր եւ նոյնիսկ արջառի կերին մէջ գործածուող փրոթէին:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտարան, Արամ Սեփեթճեան եւ Լեւոն Թորոսեան, 2001-2002, էջ 24-25