Jump to content

Սուփըր Մարիօ

Սուփըր Մարիօ


Սուփըր Մարիօ (անգլերէն՝ Super Mario), Սուփըր Մարիօ Պրոս վիտէօ-խաղը ստեղուած է Նինթենտոյի կողմէն[1]։ Խաղը առաջին անգամ շուկայ իջած է Ճափոնի մէջ, 13 սեպտեմբեր 1985-ին:

Սկիզբը Մարիոյին անունը անունը Ճամփմեն եղած է (ցատկող անձը):

Ան ատաղձագործ եւ երկրորդական կերպար մըն է «Տոնքի Քոնկ» անունով խաղի մը մէջ[2]: Այդ խաղին մէջ ան պարզապէս կը ցատկէ տախտակէ տախտակ եւ կը փորձէ արգելքներէն խուսափիլ: Նինթենտոյի այս խաղին մէջ, մեծ կապիկն է հերոսը: Սակայն արդէն Ճամփմեն կը նմանի մեզի ծանօթ Մարիոյին: Ան հագուած է սալոփեթ տաբատ մը, դրած է քասքեթ եւ ունի պեխ: Այդ ժամանակաշրջանին գրեթէ անկարելի էր այդքան փոքրիկ անձի մը վրայ գծել բերան եւ մազեր:


Ճամփմեն կը դառնայ Մարիօ 1982-ին, երբ «Տոնքի Քոնկ Ճիւնիոր» խաղը կ՛իջնէ արքէյտի խաղին մեքենաներուն վրայ, վիտէօ-խաղերու կեդրոններուն մէջ:

Այս նոր անունը անոր տուած է զայն ստեղծողը` Շիկերու Միյա-Մոթօ. Մարիօ անունը Նինթենտոյի աշխատանոցներու շէնքին տիրոջ անունն է` Մարիօ Մեկալէ, որ իտալական ծագումով ամերիկացի գործատէր մըն է:

Մէկ տարի ետք Մարիօ կը դադրի ատաղձագործ ըլլալէ եւ կը դառնայ ջրմուղագործ, իսկ երկրորդական կերպարը` գլխաւոր կերպար: Ան կը դառնայ հերոսը Մարիօ Պրոս արքէյտի խաղին, որուն մէջ կը կռուի Նիւ Եորքի կոյուղիներուն մէջի էակներուն դէմ, իր եղբօր` Լուիճիի հետ: Սունկերու թագաւորութեան մէջ շրջելով` ան կը փորձէ փրկել Թոտծթուլ իշխանուհին Պրաուզըրէն, Քինկ Քուփայէն: Տեսակաւոր արգելքներ եւ վտանգներ կը սպասեն իրենց ճամբուն վրայ[2]:

Շատ շուտ Մարիօ կը դառնայ Նինթենտոյի խորհրդանիշ պատկերը` մասքոթը: Տարիներու ընթացքին ան տարբեր արհեստներ կ՛ունենայ` ատաղձագործ, ջրմուղագործ, սակայն նաեւ բժիշկ, թենիս խաղցող, քարթ ինքնաշարժ քշող, նկարիչ, շինարար… Այժմ ան աւելի քան 70 վիտէօ-խաղերու գլխաւոր կերպարն է, սակայն ան նաեւ կը մասնակցի իր ընկերներուն արկածախնդրութիւններուն աւելի քան 80 ուրիշ խաղերու մէջ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Nintendo's Revised History Of Super Mario Bros.»։ Kotaku (en-us)։ արտագրուած է՝ 2020-12-24 
  2. 2,0 2,1 «8 times Super Mario jumped on other platforms»։ Screenwanderer.com (Հոլանտերէն)։ 2019-06-19։ արտագրուած է՝ 2020-12-24