Jump to content

Ռիւկպի

Ռիւկպին ոտնագնդակի մարզաձեւ մըն է[1]:

Ռիւկպին ստեղծուած է ոտնագնդակի մրցումի մը ընթացքին: Դէպքը կը պատահի 1823 թուականին, անգլիական ռիւկպի քաղաքին դպրոցներէն մէկուն մէջ: Ֆութպոլի մրցումի մը ընթացքին պատանի Ուիլիըմ Ուէպ Էլլիս գնդակը ձեռքերուն մէջ կ'առնէ զայն հակառակորդ խումբին ցանցին մէջ դնելու համար. ռիւկպին կը ծնի[2]:

Խաղը քանի մը տարի այս ձեւով խաղցուելէ ետք, ռիւկպին կը վերածուի իրեն յատուկ օրէնքները ունեցող իսկական մարզաձեւի մը:

Հաւկթաձեւ գնդակը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1835-ին ռիւկպիի գնդակը հաւկթաձեւ կը դառնայ: Դիւրին չէր կլոր գնդակ մը ձեռքը առնել եւ զայն կուրծքին վրայ պահել:

1835-ին գիւղին կօշկակարը` Ուիլիըմ Հիլպըրթ, կ'երեւակայէ պատրաստել աւելի երկար ձեւ մը ունեցող գնդակ մը:

Առաջին գնդակները պատրաստուած էին խոզի միզամանով: Հետեւաբար անոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր չափ մը ունէր:

1892-ին, վերջապէս, օրինաւոր կերպով կը ճշդուի անոր չափը: Այդ ժամանակ անիկա կը կշռէր 411 կրամ, մինչ այսօր անոր ծանրութիւնը 460 կրամ է:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]