Ուիքիփետիա:Վստահելի աղբիւրներ
Ուիքիփետիայի վրայ զետեղուած եւ խմբագրուած բոլոր տեղեկութիւնները պէտք է վստահելի եւ հաւաստի ըլլան: Վստահելի աղբիւրներու չգոյութեան պարագային, այդ յօդուածը Ուիքիփետիայի էջէն ջնջման կ'ենթարկուի:
Որեւէ մէկ տեղեկութիւն նշելու պարագային, հարկ է նախադասութեան վերջաւորութեան ծանօթագրութիւն կամ ծանօթագրութիւններ աւելցնել՝ հիմնաւորելու համար տեղեկութեան վստահելիութիւնը։
Այս օրէնքին կ'ենթարկուին բոլոր յօդուածները, մանաւանդ կենսագրական բնոյթի յօդուածները, յատկապէս երբ խնդրոյ առարկան տակաւին ողջ է:
Ի՞նչ է աղբիւրը
[Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւր կը համարուին գիրք մը կամ յօդուած մը, հրատարակուած լրագիր մը, կամ առցանց տեղեկատուական աղբիւր մը, ինչպէս նաեւ լսանիւթ մը կամ տեսանիւթ մը, որոնք վաւերացուած են թեմային քաջածանօթ եւ վստահելի անհատներու կողմէ:
Յօդուածները պէտք է ունենան վաւերական (ստուգելի), երկրորդական եւ հրապարակուած աղբիւրներ, որոնք փաստերու ստուգման եւ ճշգրտութեան երաշխիք են: Վաւերական կը համարուին այն աղբիւրները, որոնք վստահելի միջոցներով տպագրուած են՝ այսինքն անոնք ստուգուած եւ վերախմբագրուած են, կամ ալ գրուած են այդ թեմային քաջածանօթ եւ վստահելի անհատներու կողմէ:
Յօդուածները պէտք չէ հիմնուին խմբագիրներու անհատական կարծիքներու վրայ:
Վաւերական աղբիւրներէն օգտուելու պատճառը
[Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւրները կ'օգտագործուին երկու պատճառով՝
- Յօդուածին մէջ արտայայտուած միտքերը փաստելու համար: Այս պարագային պէտք է նշել օգտագործուած աղբիւրին էջը:
- Բանագողութիւն չընելու համար եւ պահելու հեղինակային իրաւունքները։
Ճշգրիտ աղբիւրներու նշումը ընթերցողին կու տայ այն վստահութիւնը, որ Ուիքիփետիայի տուեալ յօդուածը հիմնուած է վստահելի աղբիւրներու եւ չափանիշներու վրայ:
Աղբիւրի վաւերականութեան տեսակներ
[Խմբագրել աղբիւրը]Հետազօտական աղբիւրներ
[Խմբագրել աղբիւրը]Ակադեմակական եւ անոր զուգահեռ կողմերէ վերատեսութեան ենթարկուած հրատարակութիւնները (անգլերէն՝ peer-reviewed publications) ամենալաւ հասանելի աղբիւրներն են: Սակայն, անոնցմէ որոշ մաս մը կրնայ հնաբոյր ըլլալ կամ աւելի նոր հետազօտութիւններով հերքուած ըլլալ, ուրիշ տեսութիւններու հետ մրցիլ, կամ ալ տուեալ բնագաւառին մէջ խնդրայարոյց ըլլալ: Վաւերական ոչ ակադեմական աղբիւրներ ալ կարելի է օգտագործել, յատկապէս հանրածանօթ վստահելի տպագրութիւններէ:
Լրատուական կազմակերպութիւններ
[Խմբագրել աղբիւրը]Լրատուական կազմակերպութիւններու նիւթերէն կարելի է օգտուիլ: Սակայն կան բացառութիւններ՝
- Հրատարակուած կարծիքը վաւերական է միայն իբրեւ հեղինակի կարծիք, եւ ոչ թէ իբրեւ փաստ: Ապրող մարդոց մասին յօդուածներուն մէջ, միայն բարձրորակ լրատուական կազմակերպութիւններու տեղեկութիւնները կարելի է օգտագործել:
- Տարաձայնութիւնները թերեւս լրատուական արժէք ունենան, բայց հանրագիտարանին մէջ ոչ մէկ տեղ կրնան գրաւել:
- Ակադեմական նիւթերու, ինչպէս բնագիտութեան կամ հին պատմութեան մասին, ակադեմական աղբիւրները կը գերադասեն լրատուական աղբիւրները: Որոշ լրատուական աղբիւրներ հակում ունին որոշ փաստացի տուեալները խեղաթիւրելու, ինչպէս նաեւ կարեւոր մանրամասնութիւններ դուրս ձգելու:
- Որոշ լրատուական կազմակերպութիւններ կ'օգտուին Ուիքիփետիայի յօդուածներէն իբրեւ իրենց գործի միակ աղբիւրը: Խոյզ- աշխատանք կատարողները պէտք է զգուշանան նման լրատուական միջոցներէ եւ վերջիններս իբրեւ գերադաս աղբիւր չընդունիլ եւ չնշել:
Հեղինակային հրատարակութիւններ
[Խմբագրել աղբիւրը]Հեղինակային հրատարակութիւնները մեծ մասամբ ընդունելի չեն, այնուամենայնիւ կրնան օգտագործուիլ յատուկ պարագաներու եւ զգուշութեամբ՝
- Երբ կազմուած են նիւթին ծանօթ վստահելի փորձագէտի մը կողմէ, որու աշխատանքը նախապէս հրատարակուած եւ վաւերացուած է երրորդ կողմի հրատարակութիւններէ:
- Հեղինակին կողմէ հրատարակուած գիրք մը, ինչպէս նաեւ անոր պատկանող ընկերային ցանցերը կարելի չէ իբրեւ աղբիւրներ օգտագործել՝ հաստատելու համար տուեալ անձին մասին տեղեկութիւնները։
Անկողմնակալ աղբիւրներ
[Խմբագրել աղբիւրը]Այն կազմակերպութիւնները եւ անհատները, որոնց տեսակէտերը ընդհանրապէս ծանօթ են իբրեւ ծայրայեղ կամ կեղծ ակադեմական, կարելի չէ օգտագործել իբրեւ վստահելի աղբիւր։
Աղբիւրներու տեսակներ
[Խմբագրել աղբիւրը]Գլխաւոր աղբիւրներ
[Խմբագրել աղբիւրը]Գլխաւոր աղբիւրներ կը նկատուին փաստաթուղթեր, յուշատետրեր, արխիւներ, ուսումնասիրութիւններ, դատաքննութիւններ, հսկողութեան տեսախցիկներ եւ կրօնական բնոյթի գիրքեր, որոնք ուղղակիօրէն կը նկարագրեն պատահար մը կամ երեւոյթ մը, ինչպէս նաեւ ականատեսներու, լրագրողներու կամ պատմագիրներու վկայութիւններ, որոնք ապրած են կամ ականատես եղած են տուեալ իրադարձութիւններուն:
Երկրորդական աղբիւրներ
[Խմբագրել աղբիւրը]Տեղի ունեցող իրադարձութիւններէն մէկ քայլ հեռու կը համարուին: Անոնց սկզբնաղբիւրներն են գլխաւոր աղբիւրները, որոնք կը ներկայացնեն որեւէ վերլուծական, համադրական, մեկնաբանական, բացատրական, կամ որակաւորման արդիւնք: Ուիքիփետիան կը նախընտրէ այդ աղբիւրները:
Երրորդական աղբիւրներ
[Խմբագրել աղբիւրը]Հանրագիտարանները եւ այլ համառօտագրութիւնները, գլխաւորաբար կ'ամփոփեն երկրորդական աղբիւրները: Օրինակ՝ Ուիքիփետիան ինքը երրորդական աղբիւր մըն է: Երկրորդականի յատուկ դասագիրքերը նաեւ կարելի է երրորդական աղբիւրներ համարել: