Jump to content

Մեսրոպ Մաշտոցի Յուշարձան (Երեւան)

Մեսրոպ Մաշտոցի Յուշարձան, 1962 թ., քանդ.՝ Ղուկաս Չուբարեան

Մեսրոպ Մաշտոցի յուշարձան, կը գտնուի Երեւանի կեդրոնը՝ Մեսրոպ Մաշտոցի պողոտայի վերջնամասին՝ Մատենադարանի հարակին հրապարակը, տեղադրուած է 1962-ին։ Յիշուած է Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ։

Յուշարձանը կառուցուած է բազալտով, բարձրութիւնը 5,6 մեթր է։

Արձանը կը պատկերէ հայոց այբուբենի հեղինակ Մեսրոպ Մաշտոցին, որու աջ ձեռքի ետեւը հայոց գիրերն են։ Մաշտոցի կողքին՝ ձախ ոտքի մօտ, ծունկի եկած անոր աշակերտ Կորիւնը։ Հայոց գիրերէն ձախ, պատին, փորագրուած է հայոց այբուբենով գրուած առաջին նախադասութիւնը. «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ իմանալ զբանս հանճարոյ»։ Կորիւնէն աջ, պատին, պատկերուած է սրով եւ վահանով արծիւ։

Հայոց գիրերը ստեղծող Մեսրոպ Մաշտոցի արձանի հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցած է 26 Մայիս 1962-ին Մաշտոցի ծննդեան 1600-ամեակի տոնակատարութիւններու օրերուն։ Մատենադարանին հարող հրապարակին մէջ կայացած հանդիսաւոր արարողութիւնը ներածական խօսքով բացած է Երեւանի քաղխորհրդի գործկոմի նախագահ Սուրէն Վարդանեանը։ Այնուհետեւ խօսք ըսած են գրող Ստեփան Զորեանը, ԽՍՀՄ գերագոյն խորհրդի պատգամաւոր, լիբանանահայ բանաստեղծ, մանկավարժ Վահէ Վահեանը,Մատենադարանի տնօրէն Լեւոն Խաչիկեանը, Միքայէլ Նալպանդեանի անուան դպրոցի աշակերտուհի, հետագային՝ բանաստեղծուհի, թարգմանիչ, ՀԳՄ անդամ Անահիտ Պարսամեանը, բանուորներ, ուսուցիչներ։

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]