Jump to content

Մեռեալ Ծովուն Մագաղաթները

Մեռեալ Ծովուն Մագաղաթները հրէական հին ձեռագիրներ են, մեծ մասը գրուած Եբրայերէնով, մաս մը՝ Արամերէնով, իսկ քանի մը հատն ալ՝ Յունարէնով։ Այս մագաղաթներէն եւ բեկորներէն շատեր աւելի քան 2,000 տարուան հնութիւն ունին, որոնց թուականը կ'երթայ մինչեւ Յիսուսի ծնունդէն առաջ։ Պետեվիներէն ձեռք ձգուած առաջին մագաղաթներուն մէջ կային եօթ երկար ձեռագիրներ՝ իւրաքանչիւրը քայքայումի տարբեր հանգրուանի մէջ[1][2]։

Մագաղաթներուն մէջ կան հրէական օրէնքին վերաբերող հարցերու շուրջ մեկնաբանութիւններ, Գումրանի մէջ ապրած գաղութի աղանդին յատուկ օրէնքներ, ծիսական շարականներ եւ աղօթքներ, ինչպէս նաեւ վախճանաբանական երկեր, որոնք Աստուածաշունչի մարգարէութեան կատարման եւ վերջին օրերու մասին տեսակէտեր կը յայտնեն։ Կան նաեւ Աստուածաշունչի մասնայատուկ մեկնաբանութիւններ՝ Աստուածաշունչը համար առ համար քննարկող արդի գիրքերուն ամենահին նախօրինակները։

1947-1956-ի միջեւ, Գումրանի մօտ, Մեռեալ Ծովուն եզերքը 11 քարայր կը գտնուի, որոնց մէջ մագաղաթներ կային։

Մեռեալ Ծովուն Մագաղաթները Գրողները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հին փաստաթուղթերը թուարկելու զանազան ձեւեր ցոյց կու տան, թէ մագաղաթներուն մեծամասնութիւնը Երուսաղէմի կրօնական հեղինակութիւններուն հակառակ եղող տեսակէտեր եւ սովորութիւններ կ'արտացոլացնեն։ Այս մագաղաթները ի յայտ կը բերեն համայնք մը, որ կը հաւատար, թէ Աստուած քահանաները եւ Երուսաղէմի տաճարին մէջի ծառայութիւնը մերժած էր, եւ թէ՝ ան անապատին մէջ իրենց աղանդին մատուցած պաշտամունքը կը նկատէր իբրեւ տաճարի ծառայութիւնը փոխարինող բան մը։ Անհաւանական է, որ Երուսաղէմի տաճարին իշխանութիւնները այսպիսի մագաղաթներ պարունակող հաւաքածոյ մը պահած ըլլային։

Թէեւ հաւանաբար Գումրանի մէջ ընդօրինակողներու խումբ մը կար, սակայն մագաղաթներուն մեծ մասը հաւանաբար ուրիշ տեղ հաւաքուած եւ հաւատացեալներուն կողմէ հոն բերուած էր։ Ձեւով մը, Մեռեալ Ծովու Մագաղաթները գիրքերու ընդարձակ հաւաքածոյ մըն են։ Որեւէ գրադարանի նման, հաւաքածոն այլազան մտորումներ կրնայ պարփակել, որոնք բոլորն ալ անպայման զանոնք ընթերցողներուն կրօնական տեսակէտերը չեն արտացոլացներ։ Սակայն, այն ձեռագիրները որոնցմէ քանի մը օրինակ կայ, շատ հաւանաբար աղանդին մասնայատուկ հետաքրքրութիւններն ու հաւատալիքները կ'արտացոլացնեն։

Գումրանի Բնակիչները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուսուցչապետ Էլիազար Սուքենիք, որ 1947-ին Երուսաղէմի Եբրայական Համալսարանին համար երեք մագաղաթ ձեռք կը ձգէ, առաջին անհատն էր, որ կ'առաջարկէ թէ այս մագաղաթները Եսսենացիներու համայնքի մը կը պատկանէին։

Եսսենացիները հրէական աղանդ մըն էին, եւ Յովսեպոսին, Աղեքսանդրիոյ Փիլոնին եւ Պլինիոս Երէցին նման առաջին դարու գրողներ, զանոնք յիշած են։ Եսսենացիներուն ճշգրիտ ծագումը ենթադրական է, բայց այնպէս կը թուի, թէ անոնք Մակաբայեցիներու ապստամբութեան յաջորդող տագնապալի ժամանակաշրջանին մէջտեղ եկած էին։ Յովսեպոս տեղեկագրած է թէ անոնք այդ շրջանին գոյութիւն ունեցած են, մանրամասնելով, թէ անոնց կրօնական տեսակէտները ի՛նչպէս տարբեր էին Փարիսեցիներու եւ Սադուկեցիներու տեսակէտներէն։ Պլինիոս յիշած է եսսենական համայնքի մը գոյութիւնը Մեռեալ Ծովուն մօտերը, Երիքովի եւ Ենգադդիի միջեւ։

Ուսուցչապետ Ճէյմս Վանտըրգամ, Մեռեալ Ծովու Մագաղաթներու ուսումնական մը, կը թելադրէ որ «Գումրանի մէջ ապրող Եսսենացիները, պարզապէս փոքր մէկ մասն էին Եսսենացւոց շարժումին աւելի մեծ խումբի մը», որ ըստ Յովսեպոսի, շուրջ չորս հազար էին։ Բոլոր տուեալները կատարելապէս անոնց չյարմարելով հանդերձ, Գումրանի ձեռագիրներէն երեւան եկող համայնապատկերը աւելի կը յարմարի Եսսենացւոց, քան՝ այդ շրջանին ճանչցուած հրէական որեւէ ուրիշ խումբի մը։

Հետազօտութիւններ՝ Դ. Քարայրին Բեկորներուն Շուրջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեռեալ Ծովու Մագաղաթներու յայտնաբերումին յաջորդող տարիներուն, զանազան հրատարակութիւններ լոյս կը տեսնեն, որոնք սկիզբի յայտնաբերումները աշխարհի չորս կողմը գտնուող ուսումնականներուն իսկոյն մատչելի կը դարձնեն։ Սակայն, իբրեւ Քարայր Դ. ճանչցուած քարայրին մէջ գտնուած հազարաւոր բեկորները, շատ աւելի վիճելի էին։ Անոնք ուսումնականներու միջազգային խմբակի մը ձեռքն էին, որոնք՝ (այդ ժամանակ Յորդանանին մաս կազմող) Արեւելեան Երուսաղէմի՝ Պաղեստինի Հնախուզական Թանգարանին մէջ կը գործէին։ Այս խմբակին մէջ Հրեայ կամ Իսրայէլացի ուսումնականներ չկային։

Այս խմբակը քաղաքականութեան մը կը հետեւի, թոյլ չտալով որ մագաղաթները ոեւէ մէկու ձեռքը անցնէին, մինչեւ որ իրենց հետազօտութիւններուն պաշտօնական արդիւնքները հրատարակէին։ Խումբին մէջի ուսումնականներուն թիւը անփոփոխ կը պահուէր։ Եթէ խմբակին անդամներէն մէկը մեռնէր, զինք փոխարինելու համար միայն մէկ նոր ուսումնական կ'աւելնար։ Սակայն, այս հսկայ աշխատանքը աւելի մեծ խումբի մը կը կարօտէր, եւ կարգ մը պարագաներու՝ հին Եբրայերէնի եւ Արամերէնի մէջ աւելի մեծ փորձագէտի։ Ինչպէս Ճէյմս Վանտըրգամ կ'ըսէ. «Ո՛րքան ալ հմուտ ըլլային, ութ փորձագէտներ չէին կրնար տասնեակ հազարաւոր բեկորներ հետազօտել»։

1967-ի Վեց Օրուան Պատերազմով, Արեւելեան Երուսաղէմը եւ իր մագաղաթները Իսրայէլի իշխանութեան ներքեւ կու գան, սակայն մագաղաթները հետազօտող խմբակին քաղաքականութիւնը փոփոխութեան չ'ենթարկուիր։ Երբ Քարայր Դ.–ի մագաղաթներուն հրատարակութեան ուշացումը տարիներէն՝ տասնամեակներու կը փոխուի, կարգ մը ուսումնականներ աղաղակ կը բարձրացնեն։ 1977-ին, Օքսֆորտի Համալսարանէն Փրոֆէսոր Կէզա Վերմէշ, զայն կը կոչէ Ի. դարու ակադեմական գերագոյն խայտառակութիւնը։ Տարաձայնութիւններ կը սկսին տարածուիլ, թէ Կաթողիկէ Եկեղեցին դիտումնաւոր կերպով գաղտնի կը պահէր մագաղաթներուն բովանդակած տեղեկութիւնները, որոնք կրնային աւեր գործել Քրիստոնէութեան։

1980-ական թուականներուն, ի վերջոյ խմբակը կը հասնի 20 ուսումնականներու։ Ապա 1990-ին, անոր նոր նշանակուած խմբագրապետին՝ Երուսաղէմի Եբրայական Համալսարանէն՝ Էմանուէլ Թովի առաջնորդութեան ներքեւ, խումբը աւելի կը մեծնայ, հասնելով աւելի քան 50 ուսումնականներու։ Ճշգրիտ ժամանակացոյց մը կը հաստատուի, փորձագէտներու կողմէ խմբագրուած մնացեալ մագաղաթները հրատարակելու համար։

1991-ին անակնկալօրէն լռութիւնը կը խզուի։ Նախ՝ լոյս կը տեսնէՄեռեալ Ծովու Չհրատարակուած Մագաղաթներու Նախնական Հրատարակութիւն մը (Անգլերէնով)։ Ասիկա համակարգիչի օժանդակութեամբ կազմուած էր, հիմնուելով խումբի համաբարբառին մէկ կրկնօրինակին վրայ։ Ապա, Սէն Մարինոյի, Քալիֆորնիա, Հանդինկթըն Գրադարանը կը ծանուցէ, թէ որեւէ ուսումնական պիտի կարենայ ընձեռել մագաղաթներու լուսանկարներու իրենց լման հաւաքածոն։ Շատ չանցած, Մեռեալ Ծովու Մագաղաթներուն Նմանագիր Հրատարակութիւն մը գիրքով (Անգլերէն), նախապէս չհրատարակուած մագաղաթներուն լուսանկարները դիւրամատչելի կը դառնան։

Հետեւաբար, վերջին տասնամեակի ընթացքին, Մեռեալ Ծովու բոլոր Մագաղաթները հետազօտութեան համար մատչելի կը դառնան[3]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։