Jump to content

Մարթին Լուտըր Քինկ

Մարթին Լութըր Քինկ
անգլերէն՝ Martin Luther King Jr.
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Michael King Jr.
Ծնած է 15 Յունուար, 1929-ին
Ծննդավայր Ատլանտիա, Ճորճիա, Ամերիկայի Միացյալ Նահանգներ ԱՄՆ
Մահացած է 4 Ապրիլ, 1968-ին (39 տարեկանին)
Մահուան վայր Մեմֆիս, Թենեսի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1]
Քաղաքացիութիւն ԱՄՆ
Ազգութիւն Ափրիկեցի-ամերիկացի[2]
Կրօնք Մկրտչական
Ուսումնավայր Մորհաուս քոլեջ?
Crozer Theological Seminary?
Պոսթընի համալսարան
Վաշինգտոնի ավագ դպրոց?
Բոստոնի համալսարանի աստվածաբանության դպրոց?
David T. Howard High School?
Candler School of Theology?
Ազդուած է Reinhold Niebuhr?, Howard Thurman?, Walter Rauschenbusch?, Հենրի Տէյվիտ Թորօ եւ Մահաթմա Կանտի
Մասնագիտութիւն Հոգեւորական,
Քաղաքական գործիչ,
Աստուածաբան,
Հռետոր եւ գրող
Աշխատավայր Dexter Avenue Baptist Church?
Ebenezer Baptist Church?
Ամստերդամի ազատ համալսարան?
Անդամութիւն Արուեստներու եւ գիտութիւններու ամերիկեան կաճառ, Southern Christian Leadership Conference?, Alpha Phi Alpha? եւ Progressive National Baptist Convention?
Ամուսին Կորետա Սքոթ Քինգ?
Ծնողներ հայր՝ Martin Luther King Sr.?, մայր՝ Alberta Williams King?
Երեխաներ Yolanda King?, Martin Luther King III?, Dexter Scott King? եւ Bernice King?
Կայքէջ thekingcenter.org(անգլերէն)[3]
Ստորագրութիւն

Մարթին Լուտըր Քինկ, (15 Յունուար 1929, Ատլանտա, Ճորճիա – 4 Ապրիլ 1968 Մեմֆիս, Թենըսի), ամերիկացի սեւամորթ ճարտասան քարոզիչ, որ առաջնորդած է ԱՄ Նահանգներու մէջ քաղաքացիական իրաւունքներու զանգուածային շարժումը, 1950-ականներէն սկսեալ։ 1964-ին արժանացած է Նոպէլեան Մրցանակին (խաղաղութեան բնագաւառին մէջ), ոչ բռնի դիմադրութեան ձեւերով ցեղային հաւասարութիւն հաստատելու իր սկզբունքներուն համար։

Մ.Լ. Քինկը իր կրթութիւնը ստացած է Ատլանտայի Մորհաուս քոլէճին մէջ եւ զայն աւարտած 1948 թուականին, ապա (1951-ին) աստուածաբանութեան մէջ աստիճան ստացած է Փենսիլվանիոյ Չեսթըր քաղաքի Քրոզեր կրթօճախէն։ 1955-ին ստացած է փիլիսոփայութեան դոկտորի աստիճան Պոստոնի համալսարանէն։ 1954 ան դարձաւ Ալապամայի Մոնթկոմերի քաղաքի հոգեւորական, ուր ան գլխաւորեց ցեղային խտրականութեամբ ղեկավարուող հանրային փոխադրամիջոցներու զանգուածային պոյքոթը։ Մ.Լ. Քինգը համաամերիկեան հռչակ ձեռք բերաւ՝ կազմակերպելով եւ ղեկավարելով «Քրիստոնէական ղեկավարման հարաւային խորհրդաժողովը», խրախուսելով քաղաքական գործունէութեան ոչ բռնի ռազմավարութիւն, ինչպիսին էր 1963. «Դէպի Ուաշինկթըն Երթը»՝ սեւամորթներուն քաղաքացիական իրաւունքներ շնորհելու պահանջով։ 1965-էն սկսած Մ.Լ. Քինկի փորձերը՝ քաղաքական պայքարին մէջ ներառելու բոլոր ցեղերու ներկայացուցիչներուն ձախողեցան, եւ ան սպաննուեցաւ (ենթադրաբար՝ ծայրահեղականներու կողմէ) 1968 ապրիլի 4-ին, Մեմֆիսի մէջ։

Մարթին Լուտըր Քինկի Հռչակաւոր Ճառը՝ «Ես երազանք մը ունիմ»

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Ես երազանք մը ունիմ» (անգլերէն՝ I have a dream) Մարթին Լուտըր Քինկի ամենայայտնի ճառին անուանումը, ուր ան ցոյց տուած է ապագայի մասին իր պատկերացումները, ուր սեւամորթներն ու սպիտակամորթները կրնան հաւասար իրաւունքներով ապրիլ։

Մարթին Լութեր Քինկը կու տայ իր ճառը քաղաքացիական իրաւունքներու համար ցոյցի ժամանակ

Մարթին Լուտըր Քինկը այս ճառով ելոյթ ունեցած է 28 Օգոստոս 1963-ին, Ապրահամ Լինքոլնի յուշահամալիրի աստիճաններէն, աշխատանքային հաւասար առիթներու եւ ազատութեան համար կատարուող Ուաշինկթընի քայլարշաւին ընթացքին։ Այդ մէկը 1955-1968 թուականներուն քաղաքացիական իրաւունքներու համար Ամերիկայի մէջ կատարուող շարժումներուն կարեւորագոյն պահն էր։ Ելոյթի ժամանակ բեմին վրայ կը գտնուէր նաեւ երգչուհի Մախալիա Ճեքսընը, ելոյթի ժամանակ ան անդրադառնալով Քինկին ըսաւ. «Պատմէ՛ անոնց երազանքին մասին, Մա՛րթին»։ Քինկի ելոյթը լաւագոյններէն մէկը կը համարուի պատմութեան մէջ եւ ամերիկեան հասարակութեան կողմէն ճանչուած է հռետորական արուեստի ու 20-րդ լաւագոյն գործը։

Եւ հակառակ անոր, որ մենք խոչընդոտներու հանդիպինք այսօր եւ պիտի հանդիպինք անոնց նաեւ վաղը, ես, միեւնոյնն է, երազանք մը ունիմ։ Այդ երազանքը խորապէս կապուած է ամերիկեան երազանքին հետ։ Ես կ'երազեմ, որ օր մը այս ազգը կ'ապրի իր սկզբունքի իսկական իմաստով. «Մենք ամենապարզ ու որոշ կերպով համոզուած ենք, որ բոլոր մարդիկ հաւասար ստեղծուած են: Ես կ'երազեմ, որ օր մը Ճորճիայի կարմիր բլուրներուն նախկին ստրուկներու որդիները եւ նախկին ստրկատէրերու որդիները պիտի կարենան միասին նստիլ եղբայրական սեղանին շուրջ։ Ես կ'երազեմ, որ կու գայ օր մը եւ նոյնիսկ Միսիսիփփի նահանգը, որ կը կիզուի տապէն եւ ճնշումէն, կը վերածուի ազատութեան եւ արդարութեան ովասիսի։ Ես կ'երազեմ, որ կու գայ օր մը, երբ իմ չորս երեխաներս կ'ապրին երկիրի մը մէջ, ուր անոնք նկատի կ'առնուին ոչ թէ իրենց մաշկի գոյնով, այլ իրենց անհատական յատկանիշներուն համապատասխանութեամբ։ Ես այսօր կ'երազեմ, որ օր մը Ալապամայի մէջ, փոքրիկ սեւ տղաները եւ աղջիկները սպիտակ տղաներու ու աղջիկներու հետ որպէս քոյր եւ եղբայր իրարու ձեռք կը բռնեն»։

  • Encyclopaedia Britannica, Micropaedia, 15-th edition, Vol. V, Page 817

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Нитобург Э. Л. Кинг Мартин Лютер // Большая советская энциклопедия: [в 30 т.] / под ред. А. М. Прохорова — 3-е изд. — М.: Советская энциклопедия, 1973. — Т. 12 : Кварнер — Конгур. — С. 114–115.
  2. BlackPast.org — 2004.
  3. https://www.musik-sammler.de/artist/martin-luther-king