Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր
Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր | |
---|---|
| |
Տեսակ | Միջազգային օր |
Ամսաթիւ | 21 Փետրուար |
Հաստատուած | 2000 |
Անուանուած է | մայրենի լեզու |
Ի յիշատակ | մայրենի լեզու |
Կայք |
un.org/en/observa…(անգլերէն)[1] un.org/fr/observa…(ֆր.)[2] un.org/es/observa…(սպան․)[3] un.org/ru/observa…(ռուս.)[4] un.org/ar/observa…[5] un.org/zh/observa…[6] |
Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր, Նոյեմբեր 1999-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ընդհանուր ժողովի 30-րդ նիստին` լեզուներու եւ մշակոյթներու բազմազանութիւնը պահպանելու եւ զարգացնելու գլխաւոր առաջադրանքով տրուած որոշումն է։
Միջազգային Մայրենի լեզուի օրը կը յիշատակուի 2000 թուականէն ի վեր։
Պատճառը աշխարհի տարածքին յամեցող խտրականութեանց եւ հալածանքներու հակաքաղաքակրթական «ժառանգութիւն»ն էր, որուն ամէնէն ահաւոր դրսեւորումներէն էին մայրենի լեզուներու դէմ ցուցաբերուած անհանդուրժողութիւնն ու այլամերժութիւնը: Քաղաքակրթութիւններու պատմութեան բազմազգեան բոլոր մատեաններուն մէջ, հազարաւոր տարիներէ ի վեր, մարդկութիւնը դէմ յանդիման գտնուած է բռնակալ ու տիրակալ հզօր ազգերով, որոնք մայրենի լեզուին, նաեւ` այդ ճամբով գերիշխած են մշակոյթին, փոքր ու տկար ազգերուն պարտադրած մեղսագործութեան:[7]։
Ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գնահատականի՝ աշխարհի վեց հազար լեզուներ կորուստի մատնուելու եզրին են[7]։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1947-ին, երբ անգլիացիները վերջապէս կը հեռանան Հնդկաստանէն, կը կազմաւորուի Փաքիստան պետութիւնը։ Ան կազմուած էր երկու խոշոր տարածաշրջաններէ, որոնք իրարմէ կտրուկ կը տարբերէին մշակոյթով եւ լեզուով. արեւմտեան Փաքիստանին մէջ կ՚իշխէր ուրտու լեզուն, իսկ արեւելեանին մէջ՝ պենգալերէնը։ Չնայած պենգալերէնը միլիոնաւոր մարդկանց մայրենի լեզուն էր, սակայն 1948-ին Փաքիստանի կառավարութիւնը ամբողջ երկրին համար պետական լեզու կը հռչակէ ուրտուն։
Կառավարութեան որոշումը երկրի արեւելեան մասի բնակչութեան մեծ մասը դժգոհութեամբ կ՚ընդունի, բողոքի ցոյցեր տեղի կ՚ունենան։ Կառավարութիւնը ոչ միայն հաշուի չի նստիր արեւելեան տարածաշրջանի բնակիչներու պահանջներուն հետ, այլեւ կը ճնշէ պենկալերէնի պաշտպանութեան ուղղուած ցոյցերը։ Իսկ 1952-ին Տակկա քաղաքին մէջ կայացած ուսանողական ցոյցը ճնշելու ժամանակ քանի մը մարդ կը զոհուի յանուն իրենց մայրենի լեզուի իրաւունքի պաշտպանութեան: Այս ողբերգական դէպքերուն հետեւանքով արդէն բողոքի զանգուածային ցոյցեր ծայր կ՚առնեն։ Հակամարտութեան ընթացքին 1956-ին պենկալերէնը, ի վերջոյ, պետական լեզուի կարգավիճակ կը ստանայ։
Մայրենի լեզուի իրաւունքներու համար մղուող պայքարը նպաստեց պենկալցիներու ազգային ինքնագիտակցութեան աճին։ Ազգային-ազատագրական պատերազմէն ետք Արեւելեան Փաքիստանը առանձնացաւ, եւ 1971-ին առաջացաւ նոր պետութիւն՝ Պանկլատէշը։
Պանկլատէշի մէջ 21 Փետրուարը կը նշուի որպէս ազգային տօն՝ Մայրենի լեզուի օր, իսկ մայրաքաղաք Տակկայի մէջ զոհուած ուսանողներու յիշատակին յուշարձան կը կանգնեցուի։
Բուռն իրադարձութիւններու յիշատակին Նոյեմբեր 1999-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն 21 Փետրուարը Մայրենի լեզուի միջազգային օր կը հռչակէ[8]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ https://www.unesco.org/en/days/mother-language
- ↑ https://www.unesco.org/fr/days/mother-language
- ↑ https://www.unesco.org/es/days/mother-language
- ↑ https://www.unesco.org/ru/days/mother-language
- ↑ https://www.unesco.org/ar/days/mother-language
- ↑ https://www.unesco.org/zh/days/mother-language
- ↑ 7,0 7,1 Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օրը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կայքին վրայ (ռուս.)
- ↑ «Մայրենի Լեզուին Նուիրուած Ձեռնարկ՝ «Փոքրիկ Հրեշտակներ» Շաբաթօրեայ Դպրոցին Մէջ»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2012-02-24։ արտագրուած է՝ 2021-02-21[permanent dead link]