Հայկական շարժարուեստ
Արտաքին տեսք
Հայկական շարժարուեստ, կամ շարժանկարչութիւն՝ (սինեման) անշուշտ աւելի նոր՝ 1920-ական տարիներուն, ճամբայ ելաւ (միաժամանակ), Խորհրդային Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին։
Բնականօրէն հայրենի շարժարուեստն է, որ առարկայական աւելի նպաստաւոր որոշ պայմաններու բերումով, աւելի ճամբայ պիտի կտրէր հետեւող երեք քառորդ դարուն։
Շարժարուեստի կապը գրականութեան հետ կր յիշեցնէ թատրոնի կապը, որոշ տարբերութեանբ։
Այդ կապին արագօրէն պիտի անդրադառնանք՝ ընտրուած քանի մը «պատուհան»ներու ընդմէջէն, շարժանկարները ընտրելով առաջին յիսնամեակէն.-
- Սկիզբէն մինչեւ 1960-ականներու աւարտը։
Հայկական շարժարուեստի սկզբաւորութիւն կը նկատուի Համօ Բէկ-Նազարեանի դարձուցած «Նամուս»ը 1925-ին, ներշնչուած Շիրվանզադէի նոյնանուն վէպէն։
- Հետեւող տասնամեակին, կր դարձուին տասնեակ մը շարժանկարներ, բոլորն ալ՝ դեռ համր, ու մեծ մասամբ Բէկ-Նազարեանի կողմէ։ Վերջին համր շարժանկարն է «Գիգոր»ը, Յովհաննէս Թումանեանի ծանօթ պատմուածքին հետեւողութեանբ[1]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Armenian Cinema 100, by Artsvi Bakhchinyan, Yerevan, 2012, pp. 111-112