Jump to content

Հնդկահաւ

17:04, 12 Յուլիս 2024ի տարբերակ, Սեւան Դանիէլեան Մկրեան (քննարկել | Ներդրումներ)ի կողմէ
(տարբ.) ←Նախորդ տարբերակ | Վերջին տարբերակ (տարբ.) | Յաջորդ տարբերակ→ (տարբ.)

Հնդկահաւը ընդհանուր տոհմ ունի ցախաքլորներու (grouse), փասիաններու (pheasant) եւ այլ թռչուններու հետ, որոնք կարելի էր գտնել նոյնիսկ աւելի քան 20 միլիոն տարի առաջ` Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ:

Նորածին հնդկահաւերը ամբողջ տարուան ընթացքին կը մնան մօր մօտ: Հակառակ անոր, որ վայրի հնդկահաւերը կը նախընտրեն բնակիլ ծառերու վրայ, մայրը, սակայն, կը պահէ իր ձագերը գետինի մակարդակի վրայ, որպէսզի պաշտպանէ զանոնք գիշատիչներէ` մինչեւ անոնց չափահաս դառնալը:

Հակառակ անոնց մեծ արագութեան` վայրի հնդկահաւերը կրնան թռչիլ միայն ցած բարձրութեան վրայ, նախքան անոնց կրկին գետին իջնելը: Միւս կողմէ` ընտանի հնդկահաւերու մեծ մասը ի վիճակի չէ թռչելու, որովհետեւ անոնք բուծուած են այնպէս, որ շատ աւելի մեծ ըլլան, քան` վայրի բնութեան իրենց վիճակին մէջ:

Հնդկահաւու բոյն

Հնդկահաւերը ընդհանրապէս բանականութիւն չունին, եւ կը թուի, թէ անոնք նաեւ խնդիր ունին յիշողութեան հետ, որ ամէնէն վատերէն մէկն է[1]:

Հնդկահաւը ընտելացուած է Ամերիկայի մէջ: Սակայն ԺԵ. դարու մարդիկը կը կարծէին, թէ ան եկած է Հնդկաստանէն, որովհետեւ երբ 1492-ին Քրիստոֆըր Քոլոմպոս, երկար ճամբորդութենէ մը ետք, կը հասնի ցամաք, կը կարծէ, որ հասած է Հնդկաստան:

Արդէն երկար ժամանակներէ ի վեր այդ ցամաքամասին վրայ բնակող ազթեքները ընտելացուցած էին հնդկահաւերը, կ'ուտէին անոր միսը եւ նետեր ու տարազներ կը շինէին անոնց ոսկորներով ու փետուրներով: Նոր Աշխարհ հասած հետախոյզները կը ծանօթանան նաեւ «Հնդկաստանի հաւ»ին եւ զայն իրենց հետ Եւրոպա կը տանին, ուր ան կը փոխարինէ սիրամարգին միսը, որ շատ աւելի չոր էր:

Առաջին հնդկահաւը կը հրամցուի իշխանական սեղանի մը վրայ` 1570-ին, Շարլ 9-ի եւ Աւստրիոյ Էլիզապէթ իշխանուհիի ամուսնութեան առիթով: Մինչեւ ԺԹ. դար այս ուտելիքը հարուստ ընտանիքներու վերապահուած էր[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]