Առողջաբանութիւն
Առողջաբանութիւն (Hygiene), գիտութիւն՝ առողջութեան մասին, որ կ'ուսումնասիրէ շրջակայ միջավայրին ազդեցութիւնը մարդուն կազմուածքին վրայ եւ անոր հիման վրայ կը մշակէ միջոցառումներ միջավայրին վնասակար ազդեցութեան եւ հիւանդութիւններու յառաջացման կանխարգելման նպատակով[1]։
Առողջաբանութեան (Hygiene) Ակնարկ
Խմբագրել- Առողջաբանութեան խթանումը հիւանդութիւններու նուազեցման ամէնէն արդիւնաւէտ առողջապահական գործողութիւնն է:
- 2020-ի դրութեամբ 2,3 միլիառ մարդ տարրական առողջաբանական ծառայութիւններ չունէր (ձեռքերը օճառով եւ ջուրով լուալու դրութիւն), իսկ 1,6 միլիառ մարդ ունէր լուացուելու սարքաւորումներ, սակայն չունէր ջուր եւ օճառ:
- Ամբողջ աշխարհի տարածքին, 2020 թուականին մարդոց 70%-ը օգտագործած է առողջաբանական տարրական ծառայութիւններ:
Ձեռքերու Առողջաբանութիւն
Խմբագրել- Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ ձեռքերը օճառով եւ ջուրով լուալը կրնայ նուազեցնել փորհարութեան պատճառով մահը մինչեւ 50%:
- Հետազօտողները գնահատած են, որ եթէ բոլորը կանոնաւոր կերպով լուան իրենց ձեռքերը, տարեկան 1 միլիոն մահ կարելի է կանխել:
- Սննդային հիւանդութիւններու բռնկումներուն մեծ տոկոսը կը տարածուի վարակուած ձեռքերով: Ձեռքերը լուալը կրնայ նուազեցնել սննդային հիւանդութիւններու եւ այլ վարակներու վտանգը:
- Ձեռքեր լուալը կրնայ նուազեցնել շնչառական հիւանդութիւնները (օրինակ` պաղարութիւնը) ընդհանուր բնակչութեան մօտ 16-21%-ով:
- Ձեռքերու ալքոլային հականեխիչներու օգտագործումը Միացեալ Նահանգներու դասարաններուն մէջ նուազեցուցած է վարակի պատճառով բացակայութիւնները մօտ 20%-ով` 16 տարրական դպրոցներու եւ 6000 աշակերտներու շրջանակին մէջ:
- Ձեռքեր լուալու մշակոյթը միջավայրի մէջ.
- 58%-ով կը նուազեցնէ փորհարութեան հիւանդութիւնները տկար դիմադրութեան համակարգ ունեցող մարդոց մօտ:
- 29-57%-ով կը նուազեցնէ դպրոցականներու ստամոքս-աղիքային հիւանդութիւններու պատճառով բացակայութիւնները[2]:
Դէմքի Եւ Մարմինի Առողջաբանութիւն
ԽմբագրելԱռողջ մարդոց աւելի քան 50%-ի մօտ Staphylococcus Aureus պաքթերիան (ցպկամարմին) կայ, որ կ'ապրի քիթի միջանցքներու եւ կոկորդի մէջ, մազերու եւ մաշկի վրայ: Լոգնալու առաջին 15 վայրկեանին միջին մարդը կը թափէ պաքթերիայի 6 x 106 (CFU): Աւազաններ մտնելէ առաջ լոգնալը կը կանխէ մանրէներու տարածումը` նուազեցնելով մանրէաբանական բեռը (microbial load):
Միջին լողորդը ջուրի մէջ կը ներդնէ առնուազն 0,14 կրամ աղտ, աւազան մտնելէ ետք` առաջին 15 վայրկեանին: Լողալէ առաջ լոգնալը կ՛օգնէ կանխելու մանրէներու տարածումը:
Թրախոման (Trachoma), որ կանխարգիլելի կուրութեան գլխաւոր պատճառն է ամբողջ աշխարհի մէջ, կապուած է դէմքի առողջաբանութեան չգոյութեան հետ: Մօտ 41 միլիոն մարդ կը տառապի թրախոմայէ, եւ շուրջ 10 միլիոն մարդ` թրախոմայի պատճառով տեսողութեան խանգարումներէ, կամ անդառնալիօրէն կոյր է:
Աչքի ոսպնեակներու (lens) ոչ պատշաճ առողջաբանութիւնը կամ զանոնք յաճախ չախտահանելը կը մեծցնէ Acanthamoeba պաքթերիաներու աչքի վարակի ձեռքբերման վտանգը:
Ասեղնորդի (pinworm) տարածումը կարելի է թեթեւցնել պատշաճ առողջաբանութեամբ, եղունգները կտրելով եւ երեխաներուն առաւօտեան արթննալէ ետք անմիջապէս լոգցնելով:
CFU (Colony Forming Unit)- Մանրէաբանութեան մէջ օգտագործուող միաւոր, որ կը գնահատէ նմուշի մը մէջ քանակը այն պաքթերիաներուն կամ սնկային բջիջներուն, որոնք կենսունակ են եւ կրնան բազմապատկուիլ վերահսկուած պայմաններու մէջ: