Թունուզ
Թունուզի Հանրապետութիւն, (արաբերէն՝ الجمهورية التونسية), պետութիւն [Հիւսիսային [Աֆրիկէ]]ի մէջ։ Հիւսիսէն եւ արեւելքէն կ'ողողուի Միջերկրական ծովով։ Սահմանակից է Ալճերիոյ եւ Լիպիոյ։ Տարածքը 164.2 հազար քմ2 է, բնակչութիւնը՝ 11 037 225[17] (2015)։ Մայրաքաղաքը՝ Թունուզ: Վարչականօրէն կը բաժնուի 18 նահանգի՝ Պեճա, Պիզերատա, Տապես, Գաֆսա, Ճենտուպա (Սուկ Էլ-Արպա), Կայրուան, Կասերին, Մահդիա, Մետենին, Մոնաստիր, Նապուլ (Նապել), Քամուտա, Սիլիանա, Սուս, Սֆաքս, Թունուզ, Թունուզ-Հարաւային, Էլ-Կեֆ։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վաղ Շրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թունուզի տարածքին մարդը բնակութիւն կը հաստատէ հնագոյն ժամանակներէն։ Պահպանուած են ստորին, միջին եւ վերին պալէոլիթի գործիքներ։ Ք.ա 12-րդ դարուն Թունուզի տարածքին մէջ յայտնուած են յոյները, ապա՝ փիւնիկեցիները։ Կարեւոր դեր խաղցած է փիւնիկցիներուն հիմնած Կարթագէնը։ Փիւնիկեան պատերազմներու հետեւանքով (Ք.ա 264—146) Կարթագէնը կործանուած է, Թունուզի տարածքը անցած է Հռոմին, մտած է Ափրիկէի տարածքին մէջ։ 1-ին դարուն Թունուզի մէջ տարածուած է քրիստոնէութիւնը։ 439-ին վանդալները նուաճած են Թունուզը եւ նպաստած ֆէոտալական յարաբերութիւններու ձեւաւորման։
Միջին Դարեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]534-ինԲիւզանդիան նուաճած է Թունուզը, իսկ VII դարու վերջերը՝ արաբները։ 7-րդ դարու վերջը — 8-րդ դարու սկիզբը տիրապետող կրօնը դարձած է իսլամութիւնը։ 800-ին Թունուզը անջատուած է Աբբասեաններու խալիֆայութենէն, դարձած է ինքնուրոյն պետութիւն՝ Աղլապեաններու (800—909), ապա արաբական այլ թագաւորութեան իշխանութեան տակ։ XVI դ. Թունուզը զաւթած են թուրքերը եւ դարձուցած են Օսմանեան կայսրութեան նահանգ։ 1705-ին Հուսէյնեաններու թագաւորութիւնը հիմնած է ինքնուրոյն պետութիւն։ Արտաքին առեւտուրի աճը եւ ապրանքա-դրամական յարաբերութիւններու զարգացումը պայմանաւորեցին ընկերային վերափոխումները XIX դ.:
Նոր շրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1830-ին ստեղծուեցան Թունուզի կանոնաւոր բանակի առաջին միաւորումները, հիմնուեցան պետական գործարաններ եւ ընկերութիւններ, բացուեցան աշխարհիկ ուսումնական հաստատութիւններ։ 1861-ին լիպերալ բարեփոխիչ Հայրատտին ատ-Թունուզիի նախագահութեամբ ընդունուեցաւ Թունուզի 1-ին սահմանադրութիւնը («Տեսթուր»)։
Ֆրանսական Գաղութ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]XIX դ. 50-ական թթ. եւրոպական դրամատէրերը բաժիններ ստացան Թունուզի մէջ։ Հարկային ճնշումը եւ եւրոպացիներուն արտօնութիւններ տրամադրելը դժգոհութիւն յառաջացուցին բնակչութեան մէջ եւ հանգեցուցին 1864—1865-ի ապստամբութեան։ 1869-ին Անգլիան, Ֆրանսան, Իտալիան Թունուզի մէջ հաստատեցին միասնական ֆինանսական հսկողութիւն։ 1881-ին ֆրանսական զօրքերը ներխուժեցին Թունուզ եւ ստիպեցին պայմանագիր ստորագրել խնամակալներուն։ Թունուզը փաստօրէն դարձաւ Ֆրանսայի գաղութը։ Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան ազդեցութեամբ Թունուզի մէջ զօրացաւ ազգային-ազատագրական շարժումը։ 1920-ին հիմնուեցաւ Թունուզի կոմունիստական կուսակցութիւնը։ Ազգային քաղքենիութիւնը 1920-ին ստեղծեց լիպերալ-սահմանադրական կուսակցութիւնը (Տեսթուր, Տուսթուր)։ Ան կը պահանջէր սահմանադրական կառավարութիւն եւ արաբներու իրաւունքներու հաւասարեցում ֆրանսացիներու հետ։ 1934-ին Հապիպ Պուրկիպան ստեղծեց Նոր տեսթուր ձախ ազգայնական կուսակցութիւնը, որ ազգային-ազատագրական շարժման ղեկավարութենէն դուրս մղեց նախկին տեսթուրի ղեկավարներուն, որոնք հիմնած էին Հին տեսթուր կուսակցութիւնը։ 1940—1942-ին Թունուզը գտնուած է «Վիշիի» կառավարութեան իշխանութեան ներքոյ, ապա զայն գրաւած են իտալական-գերմանական գործիչները։ Ֆաշիզմի դէմ յաղթանակը խթանեց ազգային-ազատագրական շարժումը։ Ֆրանսական գաղութային իշխանութիւնները որոշ զիջումներ ըրին։
Թունուզի Հանրապետութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1946-ին Թունուզը ստացաւ Ֆրանսական միութեան «Միացուած պետութեան» վիճակը։ 1947-ին սկսաւ գործադուլային լայն շարժում։ 1952-ի Յունուարին մասսայական ձերբակալութիւններ եղան կոմկուսի եւ արհմիութիւններու ղեկավարներու շրջանին։ Թունուզի հարցը քննարկուեցաւ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ժողովի 7-րդ եւ 8-րդ նստաշրջաններուն (1952 եւ 1953)։ 1954-ին Ֆրանսան Թունուզին տուաւ ներքին ինքնավարութիւն, իսկ 20 Մարտ 1956-ին ճանչցաւ անոր անկախութիւնը։ Ընտրութիւններու ժամանակ Սահմանադիր ժողովին մէջ բոլոր տեղերը ստացաւ «Ազգային ճակատ» պուրժուա-դեմոկրատական խմբաւորումը՝ Նոր տեսթուր կուսակցութեան ղեկավարութեամբ։ Անոր առաջնորդ Հ. Պուրկիպան կազմեց կառավարութիւն։ 25 Յուլիսի 1957-ին Թունուզը հռչակուեցաւ հանրապետութիւն, նախագահ ընտրուեցաւ Պուրկիպան։ 1957-ին Թունուզը տնտեսական եւ ճարտարագիտական օգնութեան համաձայնագիր կնքեց ԱՄՆ-ի հետ եւ հաւանութիւն տուաւ «Էյզենհաուըրի տոքթրինային»: Թունուզը քայլերու ձեռնարկեց Հիւսիսափրիկեան Դաշնակցութիւն (Թունուզ, Ալժիր, Մարոք) ստեղծելու ուղղութեամբ։ 1962-ին մշակուեցաւ Թունուզի զարգացման տասնամեայ ծրագիրը, որը հիմնուած էրայսպէս կոչուած տեսթուրեան սոցիալիզմի տեսակէտի հիման վրայ. տնտեսութեան մէջ 3 բաժանմունքներու (պետական, գործակցական եւ մասնաւոր) առկայութիւնը՝ պետութեան ղեկավար դերով։
Ընկերա-տնտեսական վերափոխումները կը հանդիպէին արքայական մենաշնորհի դրութիւններու եւ ներքին հետադիմութեան դիմադրութեան։ 1970-ին ծրագրի իրագործումը դադրեցաւ, առաջադիմական բարեփոխումներու կողմնակիցները դուրս եկան կառավարութենեն, խրախուսուեցաւ մասնաւոր դրամագլուխի ձեւը։ 1974-ին Հ. Պուրկիպան ընտրուեցաւ ցմահ նախագահ։ Թունուզը ՄԱԿ-ի (1956-ին), Արաբական պետութիւններու դաշնակցութիւններուն (1958-ին), Ափրիկէի միասնութեան կազմակերպութեան (1963-ին) անդամ է։ Արտաքին քաղաքականութեան ասպարէզին մէջ կը վարէ դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւն, հանդէս գալով գաղութատիրութեան վերացման, միջազգային լարուածութեան հետագայ թուլացման օգտին։ 1956-ին դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուած են Թունուզի եւ ԽՍՀՄ-ի միջեւ։ 1950—1960-ական թթ. կնքուեցաւ սովետա-Թունուզեան համաձայնագրեր (առեւտրական, վճարային, մշակութային եւ այլն), ԽՍՀՄ-ը ճարտարագիտական օժանդակութիւն ցոյցաբերեց արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու կառուցման գործին մէջ։
Աշխարհագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թունուզի տարածքը կը ձգուի հիւսիսէն հարաւ, Միջերկրական ծովէն մինչեւ Սահարա անապատը՝ մօտ 800 քմ երկարութեամբ։ Ափագիծը 1200 քմ է։ Հիւսիսի մէջ ծովափը բարձր է, տեղ-տեղ զառիթափ, արեւելեան կողմը՝ ցածրադիր, ծովալճակներով։ Նշանաւոր են Թունուզի, Համամետ, Տապես ծոցերը եւ Ճերպա, Քերքենա, Տալիտ կղզիները։ Ռելիեֆը գերազանցապէս բլրապատ է։ Տարածքի 1/3-ը զբաղուած է Թէլ Աթլասի եւ Սահարական Աթլասի արեւելեան լեռնաբազուկներով (1000—1200 մ. բարձրութեամբ) եւ միջլեռնային սարաւանդներով (Հիւսիսային եւ Բարձր Թէլ)։ Թունուզի լեռնաշղթայի արեւմուտքին կը գտնուի Շամբի լեռը (1544 մ)՝ երկրի ամենաբարձր կէտը։ Տարածքի մնացած մասը հիւսիսը կը զբաղեցնէ Թունուզի հարթավայրը (Ցած Թէլ), հարաւը՝ էս-Սահիլը (աշխարհագրական մարզ)։ Երկրի կեդրոնական մասի աղուտային անհոսք ցածրավայրերը՝ շոթերը (Ճերիտ, Էլ-Ղա-սա), ծովի մակարդակէն ցած են եւ եզրաւորուած են լեռներով։ Երկրաբանական տեսակէտէն Թունուզը կը բաժնեն հիւսիսային ծալքածածկութային սինկլինալային (Թէլ Աթլաս, աւլակոգեն Պերպերիտ՝ Թունուզի Աթլասին մէջ) եւ հարաւային՝ սալայատակային (Սահարական սալ) մասերու։
Օգտակար Հանածոներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Օգտակար հանածոներէն կան երկաթ, ֆոսֆորիտներ, նաւթ, բնական կազ, զինք, կապար, սնդիկ, ֆլիւյորիտ, պարիա, մանկան, քալիումական աղեր են։
Կլիմա
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թունուզի մեծ մասը մերձարեւադարձային, միջերկրածովային է՝ շոգ եւ չոր ամառով, համեմատաբար զով ու խոնաւ ձմեռով։ Ծայր հարաւը արեւադարձային, անապատային է՝ Սահարայէն հաճախակի փչող տաք քամիներով։ Ծովափին Յուլիսի միջին ջերմաստիճանը 26 °C է, Յունուարինը՝ 10 °C, հարաւը համապատասխանաբար՝ 33 °C եւ 11 °C: Տեղումներու առաւելագոյնը կ'ըլլայ Հիւսիսային Թելին մէջ (տարեկան՝ 1000—1500 մմ), Թելի մնացած մասերուն մէջ՝ 400—600 մմ, Թունուզի լեռնաշղթայէն հարաւ՝ 100—200 մմ՝։
Գետեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գետերը մեծ մասամբ ունին ժամանակաւոր կամ պարբերական հոսք (ունդներ)։ Խոշոր գետը Մեշերտան է, որուն ջուրերը կ'օգտագործուին ելեկտրականութեան հոսանք ստեղծելու նպատակներով։ Հիւսիսը կը գտնուին քփզերտա եւ Գարաետ Աշկել աղի լիճերը։
Հողեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հողաբուսական ծածկոյթին մէջ կը գերակշռեն միջերկրածովեան տիպերը։ Հիւսիսի մէջ տարածուած են տարչինագոյն քարպոնաթային, Աթլասի լեռները՝ գորշ անտառային, հարաւը՝ մոխրատարչինագոյն եւ աղակալած կիսաանապատային եւ անապատային հողերը։
Բուսական Աշխարհ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անտառները պահպանուած են լեռներուն մէջ, ներկայացուած են սաղարթաւոր եւ փշատերեւ ծառատեսակներով՝ յատկապէս կաղնի, խցանակաղնի, սոճի, կենսածառ։ Մեծ տարածութիւններ կը զբաղեցնեն մակւիսի թփուտները։ Չոր տափաստաններուն մէջ եւ կիսաանապատներուն մէջ կը գերակշռէ չորասեր խոտածածկոյթը, անապատներուն մէջ՝ էֆեմեր բոյսերը, աղուտներուն մէջ՝ օշանը, ունդներու հովիտներուն մէջ՝ ակացիան, կարմրանը։
Կենդանական Աշխարհ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կենդանական աշխարհը համեմատաբար աղքատ է։ Պահպանուած են հովազը, վայրի խոզը եւ ոչխարը։ Կիսաանապատներուն մէջ բնորոշ են վագրակատուն, շնագայլը, վայրի կատուն, աղուէսը եւ կրծողները։ Բազմազան եւ հարուստ է թռչնաշխարհը։ Շատ են սողունները։ Գիւղատնտեսութեան մեծ վնաս կը հասցնէ մորեխը։ Առափնեայ ջուրերը հարուստ են ձուկերով։ Թունուզին մէջ է Ճեպէլ-Պու-Խսեդմա արգելանոցը։
Բնակչութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բնակչութիւնը 2015 թուականի կազմած է 11,037,225[17] մարդ։ Բնակչութեան 99%-֊ը արաբներն են։ Կան նաեւ եւրոպացիներ։ Պետական լեզուն արաբերէնն է, կրօնը՝ իսլամութիւն։ Միջին խտութիւնը՝ 1 քմ-ի վրայ 67 մարդ է։ Քաղաքային բնակչութիւնը 52% է (2015)։ Խոշոր քաղաքներն են Թունուզը, Աֆաքսը, Սուիսը, Պիզերթան, Կայրուանը։
Պետական Կարգ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թունուզը խորհրդարանական հանրապետութիւն է։ Գործող սահմանադրութիւնը ընդունուած է 1959-ին։ Պետութեան ղեկավարը եւ զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը նախագահն է։ Նախագահը կ'ընտրուի համաժողովրդական ընտրութիւններու արդիւնքով՝ 5 տարի ժամկէտով ( Պեճի Սաիտ Էսեպսին ընտրուած է նախագահ 31 Դեկտեմբեր 2014-ին,Արաբական գարունէն ետք ներկայի նախագահը՝ Քայս Սայիտիին է)։ Կառավարութեան ղեկավարը Վարչապետն է։ Օրնսդրական բարձրագոյն մարմինը միապալատ խորհրդարանն է՝ Ազգային ժողովը։
Տնտեսութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տնտեսա-աշխարհագրական ակնարկ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թունուզը ագրարային երկիր է՝ համեմատաբար զարգացած լեռնահանքային արդիւնաբերութեամբ։ Ափրիկեան երկիրներու մէջ առաջինն է ձիթապտուղի եւ ցորենի արտադրութեամբ, ֆոսֆորիտներու հանոյթով։ Անկախութիւն ստանալէն ետք ազգայնացուած են երկաթուղիները, առեւտրական նաւատորմը, քաղաքային փոխադրամիջոցը, կապը, որոշ դրամատուներ, օտարերկրացիներուն պատկանող հողերու մէկ մասը, սահմանափակուած են ֆրանսական դրամատէրերու դերը, հողատիրութիւնը։ Արտաքին առեւտուրի վրայ սահմանուած է պետական հսկողութիւն։ Պետութիւնը կը վարէ պետական, գործակցական եւ մասնաւոր բաժանմունքներու համագործակցելու քաղաքականութիւն։ Տնտեսութեան մէջ կը թափանցէ ԱՄՆ-ի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Շուէտի դրամագլուխը։ Դրամական միաւորը Թունուզեան տինարն է։
Արտաքին Առեւտուր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կ'արտահանէ ֆոսֆորիտներ, նաւթ, սուբըրֆոսֆատ, մետաղի հանքաքար, ձիթաիւղ, գինի: Կը Ներմուծէ մեքենաներ եւ փոխադրական սարքաւորումներ, սննդամթերք, լայն սպառման ապրանքներ։ Առեւտրական հիմնական գործընկերներն են Եւրոպայի տնտեսական համագործակցութեան երկիրները (յատկապէս Ֆրանսան), ԱՄՆ-ը։
Արդիւնաբերութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արդիւնաբերութեան առաջատար ճիւղը լեռնահանքային արդիւնաբերութիւնն է, յատկապէս նաւթի հանոյթը։ Կարեւոր են նաեւ մետալուրգիական, մեքենաշինական, նաւթավերամշակման, քիմիական արդիւնաբերութեան ճիւղերը։
Գիւղատնտեսութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տնտեսութեան հիմքը գիւղատնտեսութիւնն է։ Հիմնական ճիւղերն են հացահատիկային մշակութիւնը եւ անասնապահութիւնը։ Ագրարային բարեփոխումներու հետեւանքով առաջացած են մասնաւոր եւ պետական դրամային ֆերմաներ, միջին եւ մանր գիւղացիական տնտեսութիւններ։ Ունեւոր գիւղացիներու միացման փորձեր կը կատարուին։ Գիւղացիներու զգալի մասը հողազուրկ կամ սակաւահող է։ Արտահանութեան համար կարեւորը ձիթապտուղի մշակութիւնն է։ Անասնապահութիւնը հիւսիսի մէջ եւ հիւսիս-արեւելքին մէջ ունի արօտավայրային, իսկ կեդրոնական եւ հարաւային շրջաններուն մէջ՝ քոչուոր եւ կիսաքոչուոր բնոյթ։ Կը բուծեն գլխաւորապէս մանր եւ խոշոր եղջերաւոր անասուններ, ինչպէս նաեւ ուղտեր, աւանակներ, ձիեր, ջորիներ։
Փոխադրամիջոց
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երկաթուղիներու երկարութիւնը աւելի քան 2,1 հազար քմ է, խճուղիներինը՝ 19 հազար քմ։ Կը կառուցուի Գաֆսա—Գաբես երկաթուղին։ Ծովային փոխադրամիջոցով կը կատարուի գրեթէ ամբողջ արտաքին առեւտուրը։ Գլխաւոր նաւահանգիստներն են՝ Սեխիրան, Սֆաքսը, Պիզերան, Թունուզը, Սուսը։ Միջազգային օդակայանը՝ Քա Էլ-Աուինայում (Թունուզ քաղաքի մօտ)։
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թունուզին մէջ գիր եւ գրականութիւն ստեղծուած է դեռեւս Ք.ա. I հազարամեակին մէջ՝ փիւնիկերէն։ Հռոմէական տիրապետութեան շրջանին համաշխարհային գրականութեան շարք մը ականաւոր ներկայացուցիչներ (Ապուլէյ, Օգոստոս Երանելի եւ ուրիշներ) եղած են Թունուզցի։ Սեփական գրականութեան ինքնատիպ գիծերը երեւցած են X—XI դդ.՝ ներբողագիր բանաստեղծներ Իպն Հանի ալ-Անտալուսիի (931—973) եւ Ալի ատ-Թունուզի (X դ.), գեդոնիստ գրողներ Իպրահիմ ալ-Խուսրիի, Իպրահիմ ար-Դակիկի եւ ուրիշներու ստեղծագործութիւններուն մէջ։ XII—XIV դդ. արաբ, դասական բանաստեղծութեան անկման շրջանին մէջ գերակշռած են արձակի ժանրերը։ Միջնադարու մեծագոյն գրողն է Ապտուռահման իպն թալտունը (1332—1406)։ XV դ. ստեղծուած է կենցաղային հարուստ գրականութիւն, XV—XVI դդ. ժողովրդական գրականութիւն՝ արաբերէնի Թունուզեան բարբառով։ XVIII դ. աշխուժացած է պալատական ներբողային բանաստեղծութիւնը։ XIX—XX դդ. բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններուն մէջ կը հնչեն ազգային-ազատագրական պայքարի զգացումները։ 1920—1930-ական թթ. ան նշանաւորուած է բանաստեղծ-նորարար Ապուլ-Քասիմ աշ Շապպիի (1909—1934), պատմաբան Աւի-ատ-Դուաժիի (1909—1949), հրապարակախօս Տահար Հատտատի (1901—1936) ստեղծագործութիւններով։ Ազգային վէպի կազմաւորումը կապուած է Պշիր Խրայէֆի եւ Մհամմետ Լարուսի ալ-Մութուիի անուններուն հետ։ 1960-ական թթ. գրականութեան մտան խումբ մը յառաջադէմ գրողներ, որոնք արձակ եւ թատերական գործերը կը գրեն արաբերէն, իսկ բանաստեղծութիւնը՝ ֆրանսերէն։ Երիտասարդ արձակագիրներ եւ դրամատուրգներ ստեղծագործութեան բնորոշ են գաղափարական եւ ոճական որոնումները։
-
Լապլապին թունիսեան ուտեստ է
-
Թունիսեան գորգեր
Ճարտարապետութիւն եւ Կերպարուեստ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թունուզի տարածքին մէջ պահպանուած են քարէ դարու, փիւնիկեան, հռոմէական ժամանակներու արուեստի յուշարձաններ։ Միջին դարերուն ձեւաւորուած է իսլամական ճարտարապետութիւնը։ Դղեակներու շուրջ առաջացած են քաղաքներ, ընդհանուր կառուցապատման մէջ գերիշխող միջնաբերդով։ Միջնադարեան կերպարուեստին բնորոշ է արհեստական մարմարի քանդակազարդումը, անջնարակ եւ ջնարակուած խեցեղենի, գեղարուեստական ապակիի, ոսկերչական իրերու, գորգերու, արծաթով եւ ոսկիով ընդելուզուած զէնքերու պատրաստումը։ Մինչեւ 1956-ը Թունուզին մէջ շինարարութիւնը կատարած են ֆրանսական ճարտարապետները, որոնք ձգտած են զուգորդել տեղական աւանդոյթները եւ եւրոպական սկզբունքները։ Երկրի անկախութենէն ետք կ'աշխատին Թունուզցի ճարտարապետները։ 1950—1960-ական թթ. արագ զարգացած է կերպարուեստի ագգային դպրոցը, ուր կը գոյակցին իրաւաբանական եւ նորաձեւական ուղղութիւնները։
Երաժշտութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երաժշտական ֆոլքլորը (արաբական ճիւղը, առկայ է նաեւ պերպերականը) լատային հիմքով, մեթրոռիթմով, գործիքարանով (տարպուքա, դափ, թառ եւ այլն) ազգակից է արեւմտեան արաբական երկիրներու երաժշտութեան։ Դասական երաժշտութիւնը սկզբնաւորուած է XV դ.: 1960-ական թթ. կը գործէ սիմֆոնիք նուագախումբը, ստեղծուած է Ազգային երաժշտանոց։ Խոշոր գործիչներէն է արաբ, երաժշտական մշակոյթի մասնագէտ Սալահ ալ-Մահտին։
Թատրոն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իսլամութիւնը արգելք հանդիսացած էթատերական արուեստի կազմաւորոման մինչեւ XIX դ.։ 1848-ին Մ. ալՆաղաշը արաբերէնի թարգմանուած է եւ բեմադրուած է Մոլիերի «Ագահը»: Ֆրանսացիներու տիրապետութեան օրով գործած են ֆրանսական թատերախումբեր։ Ազգային առաջին թատերախումբը ստեղծուած է դերասան Խ. Զազիրին, 1950-ին։ Թունուզի հանրապետութիւն հռչակուելէն ետք Թունուզ քաղաքին մէջ կազմակերպուած է տեղական թատերախումբ։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 1,11 1,12 1,13 1,14 1,15 1,16 1,17 1,18 1,19 1,20 1,21 1,22 1,23 https://www.iso.org/obp/ui/#iso:code:3166:TN
- ↑ 1 // (unspecified title)
- ↑ https://www.britannica.com/place/Tunisia
- ↑ 4,0 4,1 Համաշխարհային բանկի տվյալների բազա — Համաշխարհային Դրամատուն.
- ↑ 5,0 5,1 5,2 5,3 5,4 5,5 5,6 5,7 http://www.pm.gov.tn/pm/faq/faq.php?id=22&lang=ar&
- ↑ http://www.businessnews.com.tn/Tunisie---Samedi-15-octobre,-jour-f%C3%A9ri%C3%A9,520,27095,3
- ↑ http://www.worldtimezone.com/time/wtzresult.php?CiID=6761
- ↑ 8,0 8,1 http://dateandtime.info/country.php?code=TN
- ↑ https://www.timeanddate.com/time/change/tunisia
- ↑ https://www.horlogeparlante.com/history-english.html?city=2464470
- ↑ https://www.timeanddate.com/news/time/tunisia-cancels-dst-2009.html
- ↑ https://data.iana.org/time-zones/tzdb-2021e/africa
- ↑ http://www.lincmad.com/world.html
- ↑ https://www.itu.int/dms_pub/itu-t/opb/sp/T-SP-E.164D-2016-PDF-E.pdf
- ↑ http://www.wtng.info/wtng-216-tn.html
- ↑ Human Development Report — Միավորված ազգերի կազմակերպության զարգացման ծրագիր, 2022.
- ↑ 17,0 17,1 «Թունիսի բնակչությունը 2015 թվականին»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2015-09-23
- ↑ http://www.ins.tn/en/themes/population
- ↑ Համաշխարհային բանկի տվյալների բազա — Համաշխարհային Դրամատուն.